venerdì 14 aprile 2017

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ – ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՆԷՆ

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ – ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՆԷՆ

Դիւանիս 31 Մայիս 2016 թուակիր Հաղորդագրութեամբ տեղեակ պահեր էինք պատուական հասարակութիւնը որ, վերջին տասնամեակներու ընթացքին, Մխիթարեան Միաբանութեան դիմագրաւած տնտեսական և այլ կարգ մը հարցերուն առնչութեամբ, իբրեւ նեցուկ և օժանդակ նման հարցերու լուծման համար՝ Հռոմի Ս․ Աթոռին կողմէ կարգուած էին հերթաբար, 1977-էն սկսեալ, մասնաւոր խորհրդականներ և գործակատարներ, «այցելու» տիտղոսով և տարբեր իրաւասութիւններով օժտուած։ Այս անձերը, ծանօթ՝ իրենց վարչական, գիտական, հոգեւոր կամ մշակութային գործունէութեամբ, յաճախ նաեւ միջազգային գետնի վրայ, ոչ հայ կրօնաւորներ էին, եկեղեցական տարբեր աստիճաններով։ Դժբախտաբար, այդ հերթական «այցելութիւն»ներէն չէին քաղուած ակնկալուած վերջնական արդիւնքները։ Ի տես այս իրադրութեան, 30 Ապրիլ 2016 թուակիր վճռագրով, Ն․Ս․ Փրանկիսկոս Պապը Մխիթարեան Միաբանութեան համար Պապական Պատուիրակ կը նշանակէր, լիազօր իրաւասութիւններով, Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Գերպ․ Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեանը։ Պատուիրակի իրաւասութիւնները լրիւ ի զօրու կը դառնային, ստորագրութեան իրաւունքով՝ նաեւ քաղաքական ատեաններու առջեւ, 1 Յունիս 2016 թուականէն սկսեալ։ Հիմնական հարցերը՝ որ կը ծառանային Միաբանութեան առջեւ, զարգացող սրածութեամբ, անցեալ տասնամեակներու ընթացքին, կարելի է վերածել խորքին մէջ հետեւեալ երեք կէտերուն՝ Ա․ Կրօնաւորական և քահանայական կոչումներու նուազումը, որ երաշխիքը կը կազմէ գոյատեւման։ Բ․ Տնտեսական հարցը, բնորոշուած յատկապէս բարձր պարտքերով։ Գ․ Միաբանական մէկէ աւելի անշարժ գոյքերու անպտղաբեր և տակաւ վատթարացող վիճակը, արդիւնք նաեւ՝ նիւթական հնարաւորութիւններու և անձնակազմի պակասի։ Հարկ է ընդունիլ, որ առաջին կէտը համընդհանուր երեւոյթ է՝ յատկապէս արեւմտեան երկիրներու համակարգերուն մէջ, որ ուժգնօրէն ազդած է նաեւ Միջին Արեւելքի վրայ, աւանդաբար գլխաւոր ծաղկանոցը Մխիթարեաններու և ողբերգականօրէն թիրախը՝ շուրջ կէս դարէ ի վեր՝ քաղաքացիական աւերիչ պատերազմներու։ Այս ուղղութեամբ կը մշակուին արդէն ծրագրեր՝ թէ՛ ի տես կոչումներու հնարաւոր բազմացման և թէ, յատկապէս, կանոնական և իրաւական միջոցներու գոյաւորման, պահպանելու համար, յստակօրէն, լրիւ և վճռականօրէն, Միաբանութեան հայեցի և մխիթարեան ինքնութիւնը, որեւէ՝ նաեւ անակնկալ՝ հաւանականութեան պարագային։ Ինչ կը վերաբերի երկրորդ կէտին, անցնող տասը ամիսներու ընթացքին տեղի ունեցած է պարտքերու նուազում մը, թէ՛ որոշ նուիրատւութիւններու շնորհիւ և թէ վաճառումովը երկար ժամանակներէ ի վեր լքուած՝ ու ներկայ միջոցներով շահագործումը անկարելի դարձած՝ ինչ ինչ դատարկ տարածքներու։
Տ․ Լեւոն Արք․ի նշանակումէն քիչ ժամանակ առաջ բաւական շփոթ ստեղծեր էր Լիբանանի Հազմիէ թաղամասին մէջ գտնուող Մխիթարեան կալուածին վաճառման ծրագիրը, ուր կը գործէ նաեւ համեստ դպրոց մը։ Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան, հազիւ նշանակուած, միաբանակիցներուն պաշտօնապէս յայտարարեց՝ որ բացարձակապէս չեն վաճառուիր՝ ա․ հաստատակարգային գոյքերը (օր․ Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան և Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանները․ անշուշտ բոլորովին աւելորդ իսկ է նոյն հաստատումը ընել Ս․ Ղազարու Մայրավանքին և Վիեննայի Մենաստանին նկատմամբ, քանի որ ասոնց բացարձակ անձեռնմխելիութիւնը գրաւականը և խորհրդանիշն է միանգամայն Միաբանութեան գոյատեւման), բ․ Հազմիէն։
Ներկայ հաղորդագրութեան նպատակն է որոշ տեղեկութիւններ հաղորդել հանրութեան՝ ներկայիս մշակուած ծրագիրներու մասին, փարատելու համար նաեւ կարգ մը պատահական թիւրիմացութիւններ։
Ա․ Մուրատ-Ռափայէլեան և Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան Վարժարաններ Երկու մեծագին կալուածներ, որոնք աւելի քան մէկ ու կէս դար ծառայած են իբրեւ ամենաբարձր մակարդակի կրթարաններ, լոjս և սնունդ ջամբելով հայ ընտրանի մանկտիին և, յատկապէս առաջինը, ամէնէն բախտորոշ դերը կատարած են Հայ Զարթօնքի շարժումին ծլարձակման և ծաւալման մէջ հանուր հայ գաղթօջախներու և մայր Երկրի տարածքին։ Այդ կալուածները բաւական ժամանակէ ի վեր կը գտնուին համեմատաբար անբարօր պայմաններու մէջ, մերթ ենթակայ նաեւ՝ վթարային ռիսկերու։ Այս կալուածներուն ժամ առաջ, պատմական շէնքերու վերանորոգման միջազգային չափանիշերու համաձայն, գործածութեան վերստացման և, Հայ ժողովուրդի ծոցին մէջ, իրենց պատմական մշակութային վիթխարի դերին վերարծարծման պահանջը այսօր անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է։ Ներկայիս Միաբանութիւնը կը գտնուի բանակցութիւններու մէջ տնտեսապէս կարող և ծանօթ կազմակերպութիւններու հետ, սա հիմնական բնաբանով՝ որ այդ կալուածներուն մէկ մասը վերանորոգուի, ըստ պատշաճի, որպէս հասութաբեր գոյք, ու եկած հասոյթին մէկ մասով՝ որ վճարուի Միաբանութեան իբրեւ տարեկան վարձակալութիւն, ծաւալին մշակութային, գիտական, կրթական համակարգուած նախաձեռնութիւններ կալուածի այն մասին մէջ՝ որ, ըստ պայամանգրութեան, յատկացուած պիտի ըլլայ լոկ Միաբանական գործածութեան, ի տես սոյն նախաձեռնութիւններուն մշակման ։ Ծանօթ է որ մեր Նախնիք, գրեթէ միշտ, իրենց կառուցած եկեղեցիները և ուսումնարանները օժտած են հասութաբեր կալուածներով, որպէսզի ի վիճակի ըլլային ծաւալել իրենց կրօնական և մշակութային գործունէութիւնը։ Նոյնինքն Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանը ունեցած է բազմաթիւ հասութաբեր կալուածներ Պադովա քաղաքի և Վենետոյ Նահանգի այլ վայրերուն մէջ, որով՝ դար մը և աւելի՝ հնարաւորութիւն ընձեռած են նոյնիսկ ձրիաբար դաստիարակելու անհամար հայ սերունդներ։ Այդ կալուածները դժբախտաբար վաճառուած են Ի․ դարու եօթանասնական թուականներէն սկսեալ, թողլով հաստատութիւնը առանց մնայուն եկամուտի։ Նախատեսուած ծախսը՝ բարւոք վերանորոգման համար՝ կը հասնի բարձր գումարներու։ Իսկ տարեկան վարձակալութեան իբրեւ նուազագոյն սահման կը նախատեսուի գումար մը՝ որ արտօնէ Միաբանութեան, այս և նման կալուածներու հասոյթներով ո՛չ միայն ծաւալել Հայ ժողովուրդի ժամանակակից կարիքներուն համապատասխան գործունէութիւններ, այլ եւ կարենայ ըստ արժանւոյն պահպանել այն վիթխարի մշակութային ժառանգութիւնը – ձեռագրեր, նկարներ, հնատիպ գրքեր, հնադրոշմ կահոյք և առարկաներ, եւլն․ – որ նաեւ կը կազմեն Հայ ժողվուրդի հարստութիւնը։ Ներկայով կ՛ուզենք յայտարարել միանգամայն, որ առաջարկներ, ինչպէս վերեւ յիշուածները, զոր կարենան ներկայացնել հայ կամ այլ ընկերութիւններ և անհատներ, նկատի պիտի առնուին ամենայն լրջութեամբ – կը կրկնենք – ըստ վերանորոգման միջազգային լաւագոյն չափանիշերու և վարձակալութեան օրինական պայմաններու, համաձայն միաբանական ծրագրին՝ պահելու և զարգացնելու կալուածներուն տարամերժօրէն մշակոյթի յատկացուած անձեռնմխելի բաժինները։ Նկատի առած իրադրութեան հարկադրիչ հանգամանքները և գործնական քայլերու համար անհրաժեշտ ստուգումներու, արտօնութիւններու և տնօրինումներու երկար գործընթացը, առաջարկներու իբրեւ պայմանաժամ կը հաստատուի 30 Յունիս 2017 թուականը։ Կը խնդրուի բոլորէն՝ որ հարցին մօտենան գործնականօրէն, առանց մնալու կաղապարուած, հռետորական բանաձեւերու մէջ կամ կրկնելով բազմատասնամեայ յանկերգներ, որոնք կը մնան անխուսափելիօրէն ամլութեան սահմաններուն մէջ, ինչպէս կը տեսնուի նաեւ մերձաւոր պատմութենէն և առօրեայէն։
Բ․ Հազմիէ Հազմիէի կալուածը կը վայելէ արդէն Միջին Արեւելքի չափանիշով ծանօթ հայ գործակալութեան մը արհեստավարժ հոգատարութիւնը։ Նպատակն է այնտեղ գործող դպրոցը փոխադրել Ռաուտա, յետ այստեղի կալուածին վերանորոգման, իսկ պահել Հազմիէն որպէս նորաշէն հասութաբեր կալուած՝ ի նպաստ գլխաւորաբար Միաբանութեան Միջին Արեւելքի մէջ գործունէութեան։
Այս հաղորդագրութիւնը կը հրապարակուի ի գիտութիւն և ի լուսաբանութիւն մեր ժողովուրդին և բոլոր բարեացակամ, Հայ մշակոյթով և Մխիթարեան Միաբանութեան բարիքով հետաքրքրուած անձերուն և խումբերուն։
Դիւան Մխիթարեան Միաբանութեան
Վենետիկ, Ս․ Ղազար Մայրավանք, 2 Ապրիլ 2017

Nessun commento:

Posta un commento